Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հարցերով զեկուցող Միրիամ Լեքսման քննադատեր է Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի նախօրէին Եւրամիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասի Պաքու կատարած այցելութիւնը, սակայն յոյս յայտնած է որ այդ այցը կ՛օգտագործուիի Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը ապահովել։

Նախօրէին Եւրախորհրդարանի եւ եւրոպական տարբեր երկիրներու խումբ մը երեսփոխաններ եւս քննադատած էին Քայա Քալասին Ատրպէյճան այցելելու ծրագիրը։ Անոնք յայտնած էին որ Քալաս չէ այցելած եւրոպականացման ճամբան ընտրած Հայաստանը, փոխարէնը կ՛այցելէ բռնապետական Ատրպէյճան, որ կը շարունակէ սպառնալ ժողովրդավարական ուղին ընտրած Հայաստանի անվտանգութեան։

Նշենք որ Եւրամիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ներկայացուցիչ Քայա Քալաս կը գտնուի Պաքու, ուր հանդիպումներ է ունեցած է ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ նախագահ Ալիեւի հետ։ Ատրպէճանական աղբիւրներու համաձայն, այդ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեր է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ