
CNN հեռատեսիլի կայանը ցուցադրեր է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ԱՄՆի նախագահ Թրամփի նուիրած դիմանկարը։ Դիմանկարի հեղինակը ռուս նկարիչ Նիքաս Սաֆրոնովն է։
Նկարը Ուաշինկթըն հասած էր այս տարուայ Մարտին՝ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆի միջոցով։ Ուիթքոֆ դիմանկարը ներկայացուցած է որպէս «հրաշալի աշխատանք» եւ նշած է որ Թրամփը «շատ ազգուեր է»։
Դիմանկարին մէջ Թրամփ պատկերուած է ԱՄՆի դրօշի եւ Ազատութեան արձանին առջեւ բռունցքը վեր բարձրացուցած։
CNN-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Սաֆրոնով յայտներ է թէ տեղեակ չէ եղած որ նկարը Քրեմլինի պատուէրով է։ Միայն աւարտելէն ետք իմացած է եղելութիւնը։







Մեկնաբանէ