
Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան, Փարիզի ողիմպիականին արծաթէ մետալակիր Վարազդատ Լալայեան երկրորդ տարին անընդմէջ նուաճեց ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկէ մետալը։
Երէկ, ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն վերջին օրն էր։ Գերծանր կշիռքի մրցումներուն Հայաստանը կը ներկայացնէր Եւրոպայի ախոյեան Վարազդատ Լալայեան:
Լալայեան երկու հանգրուաններուն միասնաբար բարձրացուց 450 քկ. Եւ երկրորդ տարին անընդմէջ դարձաւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան։







Մեկնաբանէ