Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Գարիկ Կարապետեանը դարձաւ ԵԱ-ի կրկնակի ախոյեան։

Մոլտավիոյ մէջ տեղի ունեցող ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 109 քկ քաշային կարգին մէջ Հայաստան ունէր երկու ներկայացուցիչ` Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Գարիկ Կարապետեան:

Ընդհանուր հաշուով Կարապետեան 411 քկ. արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան: Իսկ Սիմոն Մարտիրոսեան նուաճեց արծաթէ մետալը։

Տղամարդկանց ախոյեանութեան, նախապէս տարբեր կշիռքներու մէջ արծաթէ մետալ նուաճած էին Գոռ Սահակեան եւ Ռաֆիկ Յարութիւնեան, իսկ Գառնիկ Չոլակեանը եւ Դաւիթ Յովհաննիսեանը դարձած են պրոնզէ մետալակիր: 

Հայաստանի ծանրամարտի կանանց հաւաքականի անդամներ Ալեքսանտրա Գրիգորեանը եւ Աննա Ամրոյեանը դարձած էին Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ