
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ մեկնարկեր է «Թրփանճեան» հասարակական գիտութիւններու հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած «Հարաւային Կովկասը խզման գծերու երկայնքով. տարածաշրջանային եւ միջազգային հեռանկարներ» խորագրով միջազգային համաժողովը, որու հիմնական նպատակն է գնահատել տարածաշրջանին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակն ինչպէս տարածաշրջանային, նոյնպէս ալ միջազգային տեսանկիւնէ։
Համաժողովին կը մասնակցին «Թրփանճեան» հասարակական գիտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Ստեփան Աստուրեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Պոլսոյ «Քատիր Հաս» համալսարանի նախկին ռեկտոր Մուսթաֆա Այտըն, Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Արցախի ԱԳ նախարար Արման Մելիքեանը և ուրիշներ։
Ապրիլի 18-19 տեղի ունեցող երկօրեայ միջազգային համաժողովին կը մասնակցին նաեւ 22 գիտնականներ, վերլուծաբաններ եւ նախկին դիւանագէտներ՝ տարբեր երկիրներէ։







Մեկնաբանէ