Թալիշ պատմաբան Զահիրատին Իպրահիմով անհետացեր է Մարտի 26ին Ռուսիոյ Եկատերինպուրկ քաղաքէն: Կարճ ժամանակ ետք, Ատրպէյճանի Լենքորանի շրջանը գտնուող անոր հարազատները նամակ ստացած են Ատրպէյճանի պետական անվտանգության ծառայութիւնէն, ուր նշուած են Իպրահիմովի դէմ ուղղուած մեղադրանքներ։

Իպրահիմով աւելի քան քսան տարի է կ՛ապրէր Ռուսիոյ մէջ։

Թալիշ պատմաբանը առեւանգուած է եւ ապա յայտնուած Ատրպէյճանի մէջ։

«Պետութեան կողմէ տրամադրուած փաստաբան Սայարա Ալիեւան OC Media-ին յայտնած է թէ մասնակցած է Իպրահիմովի հարցաքննութեան, որու ընթացքին ան իբր, թէ խօսեր է Հայաստանի հետ իր կապի մասին։

Վերջերս Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր որ հետամուտ է «որոշ ատրպէյճանցիներու երկիր վերադարձին»։ Խօսքը Ալիեւի վարչակարգին կողմէ հետապնդուող, եւ օտար երկիրներու մէջ գործունէութիւն ծաւալած ատրպէյճանցիների մասին է։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ