Ապրիլ 15ին տեղի ունեցած է «Սիմֆոնիք ռոք` յանուն երեխաներու առողջութեան» բարեգործական համերգը Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի երեխաներու առողջութեան հիմնադրամին կողմէ, Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի մասնակցութեամբ։ 

Համերգին հանգանակուած է աննախադէպ գումար՝ աւելի քան 45 միլիոն դրամ, որ պիտի յատկացուի առողջական ծանր խնդիրներ ունեցող երեխաներու բուժման։

Լեցուն դահլիճի ջերմ ու անմիջական  մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած համերգը ղեկավարեր է խմբավար Յարութիւն Արզումանեան։, մենակատարը Վարդան Գաբոյանն էր: Համերգին ներկայացուեր են The Beatles, Queen, Pink Floyd, Deep Purple,  Scorpions,  Led Zeppelin, System of a Down եւ այլ խմբերու հանրայայտ ստեղծագործութիւնները։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ