
Առանց Հ. Քորէայի աջակցութեան Ռուսիան չէր կրնար այսքան երկար պատերազմիլ, կը յայտնէ Reuters գործակալութիւնը։
Open Source Center-ի վերլուծաբաններու հետ հետազօտութիւնները պարզեր են որ վերջին 20 ամիսներու ընթացքին զինամթերքի հիմնական մասը կը մատակարարէ Հիւսիսային Քորէան։ Խոսքը 4-6 միլիոն հրետանային արկերի մասին է ։ Հ. Քորէան հրթիռներ ուղարկած է, ինչպէս նաեւ հեռահար հրետանի եւ համազարկային կրակի համակարգեր:
Միաժամանակ Ռուսիա, արեւմտեան հետախուզութեան գնահատականներով, 2024ին արտադրած է ընդամէնը 2-2, 3 միլիոն արկ։
«Առանց նախագահ Քիմ Չեն Ընի աջակցութեան նախագահ Փութինը չէր կրնար պատերազմիլ Ուքրանիոյ դէմ», – յայտարարեր է Հ. Քորէայի դէմ պատժամիջոցներու հարցով ՄԱԿ-ի փորձագէտներու խումբի նախկին համակարգող Հիու Կրիֆիթս:







Մեկնաբանէ