
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Ապրիլ 16ին ընդուներ է Թուրքիոյ խորհրդարանի Ազգային պաշտպանության խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ, Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախկին նախարար Հուլուսի Աքարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Հասանով նշեր է որ ուրախ է Թուրքիայէն ժամանած հիւրերը տեսնելու համար։ Նախարարը ընդգծեր է որ երկու երկիրներու ղեկավարներու անկեղծ յարաբերութիւնները յատուկ դեր կը խաղան բոլոր ոլորտներուն մէջ, որոնց հերթին՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական համագործակցութեան զարգացման գծով։
Աքար իր հերթին գոհունակութիւն յայտնած է այս տարի Ատրպէյճան կատարած իր առաջին այցի գծով եւ շնորհակալութիւն յայտնած ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար։ Ան ընդգծեր է որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական կապերը հասած են ռազմավարական դաշինքի մակարդակի։







Մեկնաբանէ