
ԱՄՆ-ի ծովային ուժերը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կեդրոնացուցած է երկու օդանաւակիր եւ Tomahawk թեւաւոր հրթիռներ կրող Ohio սուզանաւը:
Վերջին օրերուն ամերիկեան երկրորդ օդանաւակիր «Քարլ Ուինսըն»ի գլխաւորութեամբ, ժամանած է Մերձաւոր Արեւելք, օժանդակելու «Հէրի Թրուման»-ի գործողութիւններուն։ Նաւատորմիղը ներյայիս կը գտնուի Օմանի հարաւային ափերուն մօտ:
Պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսէթ հրամայած էր երկրորդ օդանաւակիրը ղրկել Միջին Արեւելք հութիների ռազմական կէտերը հարուածելու համար։
Փենթակոնը Ապրիլի սկիզբին Հնդկական ովկիանոսին մէջ գտնուող բրիտանական Տիեկօ Կարսիա կղզիի ռազմակայան տեղափոխած է վեց B-2A Spirit ռմբակոծիչներ։
Բացի այդ, ԱՄՆ-ն Միջին Արեւելքի ռազմակայաններ տեղափոխած է A-10 Thunderbolt II ռմբակոծիչ օդանաւեր։ Իսկ Յորդանան տեղափոխուած է հինգերորդ սերունդի F-35 կործանիչներու խումբ:







Մեկնաբանէ