
Ռուսիա եւ Ուքրանիա յայտներ են թէ հրթիռային եւ ԱԹՍ-ներու հարուածներու հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ սպանուած եւ վիրաւորուած են:
Ըստ Ռիա Նովոստիի Ապրիլ 12ին ուքրանական զինուած ուժերը կրակ են բացած են Լուկանսքի Ստախանով շրջանի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով արձանագրուեր են զոհեր։
Ապրիլ 13ին ԱԹՍ-ներու յարձակումի տագնապի նշան ազդարարուեր է Ռուսիոյ Ռոստովի եւ Պելկորոտի մարզերուն մէջ:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջում նկարներ հրապարակած եւ գրառում կատարած է Սումի քաղաքի հրթիռակոծումէն:
Ըստ Զելենսքիի, ռուսական պալիսթիկ հրթիռի հարուածէն, տասնեակ մարդիկ սպանուած եւ վիրաւորուած են։ Ան նշեր է որ Սումիի ռմբակոծման հետեւանքով մահացած է 31 հոգի։







Մեկնաբանէ