
«Մայր աստուածութիւն. Անահիտից Մարիամ» միջազգային ցուցահանդէսը, որուն ծիրէն ներս վեց ամիս Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ ցուցադրուեցան Անահիտ դիցուհիին պրոնզաձոյլ գլուխն ու ձեռքը, բերուած Բրիտանական թանգարանէն, ունեցեր է 55 հազար 837 այցելու։
Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի խօսքով՝ ցուցադրութեան զուգահեռ կազմակերպուեր են կրթական ծրագիրներ, իրականացուեր է բանախօսութիւններու շարք՝ միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ։
Ցուցադրութեան կազմակերպիչներուն համոզումով ցուցահանդէսին շնորհիւ թանգարաններու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծցած է։







Մեկնաբանէ