
Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի գծանկարի, գունանկարի եւ քանդակի ամպիոնի ուսանողներու աւելի քան 200 աշխատանք ապրիլի 4-8-ը զարդարեց Հայաստանի նկարիչներու միութեան «Արա Սարգսեան» սրահը։
Ուսանողները իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ վառ ռւ ինքնատիպ դրսեւորումներով ներկայացուցած էին մարդը, բնութիւնը, քաղաքը եւ գիւղը։
Ամպիոնը ցուցահանդէսը կազմակերպած էր, որպէսզի ուսանողներուն հնարաւորութիւն տայ լայն հանրութեան ներկայացնել իրենց աշխատանքները, ծանօթանալ այլ ուսանողներու գործերուն, համեմատել եւ սորվիլ իրարմէ։







Մեկնաբանէ