Նուազագոյնը 24 մարդ մահացեր է ԱՄՆ-ի հարաւային եւ կեդրոնական եօթը նահանգներու մէջ չդադրող տեղատարափ անձրեւներու եւ փոթորիկներու հետեւանքով, կը հաղորդէ CBS News-։

Ըստ պարբերականին, 10 հոգի մահացեր է Թենեսի նահանգին մէջ, ուր տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով սկսած են պտտահողմեր եւ հեղեղումներ։ 5 հոգի մահացեր է Քենթաքիի, 3 հոգի՝ Միսուրի եւ 2-ական՝ Արքանզասի եւ Ճորճիա մէջ։ Ինտիանայի եւ Միսիսիփիի իշխանութիւնները յայտներ են մէկական մահուան դէպքի մասին։

Հեղեղումներու պատճառով Թեքսասի եւ Օհայոյի մէջ տեղի ունեցած են ելեկտրականութեան եւ կազի ընդհատումներ, իսկ որոշ քաղաքներու բնակիչներուն հրահանգ տրուած է լքել իրենց բնակարանները։ Բազմաթիւ ճանապարհներ փակուած են, իսկ հարիւրաւոր օդանաւային չուերթներ՝ չեղարկուած։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ