
Ճափոնի վարչապետ Սիկերու Իսիպա յայտարարած է որ Թոքիօն պատասխան միջոցներու պիտի չդիմէ ԱՄՆի կողմէ սահմանուած մաքսատուրքերու քաղաքականութեան, որոնք ճափոնական արտադրանքի պարագային կը կազմեն 24%:
Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հանդիպիլ նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ։
Անոր խօսքով՝ Ճափոնի եւ ԱՄՆի միջեւ տարակարծութիւններու լուծման համար անհրաժեշտ է երկու պետութիւններու գագաթնաժողով կազմակերպել։
Վարչապետը պարզաբաներ է որ ինքը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս ճափոնական ներդրումները աշխատատեղեր կրնան ստեղծել ԱՄՆի մէջ։
Նախագահ Տոնալտ Թրամփն ապրիլի 2-ին յայտարարած էր որ Միացեալ Նահանգներու օտարերկրեայ առեւտրային գործընկերներու նկատմամբ փոխադարձ մաքսատուրքեր սահմանելու մասին՝ ցուցակին մէջ ընդգրկելով 185 պետութիւն։
Հայաստանի համար սահմանուած է 10% մաքսատուրք։







Մեկնաբանէ