
Պայէր Միւնիխի եւ Գերմանիոյ աղջիկներու ազգային խումբի անդամ Ալարա Շեհիթլէր հրաժարած է խաղալ մարզաշապիկով, որուն վրայ գրուած է իր մականունը։
Պատճառը մականունին նմանութիւնն է նացի Գերմանիոյ առաջնորդ Ատոլֆ Հիթլէրի մականունին։
Ապրիլ 4ին Շեհիթլէր Գերմանիոյ կազմին հետ խաղաց Սկովկտիոյ դէմ մարզաշապիկով, որուն վրայ նշուած էր միայն իր անունը։ Ան պիտի շարունակէ խաղալ նոյնանման մարզաշապիկով, առանց մականունին, թէ Պայէրնի եւ թէ ազգային խումբին հետ։







Մեկնաբանէ