
«Հայկական Ուղղութիւն» (Հայկական Արեւելում կամ Հայկական Օրիանդացիա) հասկացողութիւնը պարզապէս յղացք չէ, այլ՝ կենդանի եւ զարգացող յանձնառութիւն է որ կը ներկայացնէ այն առանձնայատուկ մշակութային, պատմական եւ ազգային արժէքներու գումարը, որոնք կը սահմանեն հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը: Այս ուղղութիւնը կը կազմաւորէ մեր ինքնութիւնը, կը կառուցէ մեր տեսաշխարհը եւ կ’առաջնորդէ մեզ, երբ կը նաւարկենք ժամանակակից համաշխարհային քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային բարդ իրականութեան մէջ:
Մշակութային ինքնութիւն՝ մեր գոյութեան հիմնասիւնը
Հայկական Ուղղութեան խորքը մեր մշակութային ինքնութիւնն է: Այս ինքնութիւնը հիմնուած է հայ լեզուի, գրականութեան, մշակոյթ-արուեստի, աւանդութիւններու եւ պատմութեան վրայ, որոնք փոխանցուած են սերունդէ սերունդ: Մեր լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ։ Ան հսկայ կառոյց մըն է որ կ՛ընդգրյէ մեր ազգային յիշողութիւնները, զգացումները եւ երազները: Հայ գրականութիւնը եւ արուեստը վկայութիւն են մեր դիմադրողականութեան եւ ստեղծագործութեան, որոնք կը ներկայացնեն մեր ժողովուրդի երջանկութիւնը ու տառապանքները եւ երազանքները: Մեր աւանդութիւնները կամ սովորոյթները, մեզ միացնող թելերն են: Իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւն, իւրաքանչիւր պատմութիւն, մեր մշակութային եւ ազգային ինքնութիւնը կ’ամրապնդէ:
Պատմական գիտակցութիւն՝ սորվիլ մեր անցեալէն
Մեր անցեալի պատմութեան, մասին տեղեակ ըլլալը եւս կարեւոր բաղադրիչ մըն է Հայկական Ուղղութեան: Մեր պատմութիւնը հարուստ է պայքարներով եւ ողբերգութիւններով: Հայ թագաւորութիւններու փառքէն մինչեւ մեր հալածանքներու եւ ստրկութեան ժամանակաշրջանը յամեցող տոկալու ոգին, մեր պատմութեան իւրաքանչիւր հատուածը կո պարունակէ դասեր, որոնք որոշիչ դեր ունին մեր ժամանակակից մտածողութեան եւ աշխարհահայեացքին վրայ: Պատմական այս գիտակցութիւնը մեզ կը մղէ որ չմոռնանք մեր նախնիներու զոհողութիւնները: Ան նաեւ մեր մէջ կ՛արթնցնէ պարտաւորութեան զգացումը՝ անցեալէն սորվելով եւ զայն իմաստաւորելով, ՝ ստեղծելու համար աւելի բարւօք ապագայ: Պատմութիւնը սերտելով, կ’իմանանք մեր նախորդ սերունդներու պայքարներուն ու յաջողութիւններուն եւ պարտութիւններուն մասին, որոնք կը շարունակեն ձեւաւորել մեր ներկան եւ կ’ուղղեն մեզ մեր յառաջիկայի ընտրութեան համար ճիշֆ քայլեր առնելու։
Ազգային հպարտութիւն՝ դիմադրողականութեան վկայութիւնը
Հայ ըլլալու գաղափարը կը համապատասխանէ ազգային հզօր հպարտութեան զգացողութեան, որ հիմքն է մեր դիմադրողականութեան եւ տոկունութեան: Հակառակ դարերու ընթացքին մեր դէմ եղած հալածանքներուն եւ ողբերգութիւններուն, հայկական ոգին բնաւ չէ ընկճուած: Մեր ազգային հպարտութիւնը միայն մեր յաղթանակներու վրայ հիմնուած պիտի չըլլայ, այլ ան պէտք ոգեշնչէ մեզ ճանչնալու մեր ապրելու ուժը: Այդ հպարտութիւնը մեր կարողութիւնն է, պահպանելու մեր ինքնութիւնը արտաքին ուժերու ձուլողական քաղաքականութեան դէմ: Այս հպարտութիւնը կը յուշէ մեզ ըլլալ միասնական, տէր ըլլալ մեր ժառանգութեան եւ ամէն օր գերազանցել մենք մեզի: Ան մշտական յուշարարն է, որ հայ ըլլալը պարզապէս պիտակ մը չէ, այլ՝ վճռականութեան եւ յանձնառութեան կամք է մեր ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ:
Քաղաքական եւ ընկերային հեռանկար՝ կերտել մեր ինքնուրոյն ուղին
Հայկական ուղղութիւնը կը ներառէ այն առանձնահատուկ քաղաքական եւ ընկերային հեռանկարը, որ կ’ընդգծէ անկախութիւնը, ժառանգութեան պահպանութիւնը եւ ազգային ինքնութեան պահապանման գործօն մասնակցութիւնը: Ան կոչ է միասնական ջանքերուն՝ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ թէ՛ Հայկական Սփիւռքի մէջ, որպէսզի պահպանենք մեր մշակութային եւ քաղաքական ժառանգութիւնը: Այս հեռանկարը հիմնուած է այն համոզումին վրայ, որ մենք պէտք է ունենանք կամք մեր ապագայի քաղաքականութիւնը որոշելու եւ այդ ընթացքը կարելի է, երբ մենք կրկին կապ կը հաստատենք մեր արմատներուն հետ: Քաղաքական, դիւանագիտական, հասարակական նախաձեռնութիւններով կամ մշակութային ծրագիրներով։
Յանձնառութիւն ապագայի հանդէպ
Իր էութեան մէջ, Հայկական Ուղղութիւնը ուխտ է՝ պահպանելու եւ առաջ մղելու մեր ինքնութեան իւրայատուկ բնոյթը: Ան կանչ է գործողութիւններու, որ մենք տէր կանգնինք մեր անցեալի ժառանգութեան։ Ան մեզի կուտայ առիթը համարձակօրէն պատկերացնելու եւ կառուցելու այն ապագան, որ արտացոլացումը պիտի ըլլայ անցեալի եւ յաղթական ապագայի միջեւ: Սրընթացօրէն փոխուող աշխարհին մէջ քայլ պահելով նորարարութիւններուն հետ, չզիջելով մեր էութենէն, հաստատակամ քայլել զրահաւորուած հայկականութեամբ։
Որպէս հայեր, մեր ուղղութիւնը պատմանական անցեալի կարօտախտով պէտք չէ ըլլայ, այլ դէպի ապագայ նայելով եւ այդ յոյսով ու վճռականութեամբ շարժիլ: Միասնական յանձնառութեան միջոցով կրնանք ապահովել մեր պատմական ժառանգութեան անմահութիւնը, որպէսզի յաջորդ սերունդները ունենան նոյնքան հարուստ պատմական ժառանգութիւն եւ գոյատեւեն իբրեւ ՀԱՅ:
Յակոբ Յակոբեան







Մեկնաբանէ