Ծոցի արաբական երկիրները մերժած են իրնեց օդային տարածքները տրամադրել ԱՄՆին, Իրանի դէմ հաւանական ռազմական օդանաւերով յարձակման համար, կը յայտնէ իրանեան Mehr լրատուական գործակալութիւնը։

Պարսից Ծոցի երկիրները նման յայտարարութիւն հրապարակած են, երբ ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ սպառնացեր է ռմբակոծել Իրանը:

Իր հերթին Middle East Eye-ը կը գրէ որ Պարսից Ծոցի երկիրներու այս դիրքորոշումը հարուած է Թրամփի վարչակազմի ծրագիրներուն, որոնց նպատակն էր Եմէնի հութիներուն վրայ զանգուածային յարձակումներու օրինակով Իրանին բերել բանակցութիւններու սեղանին, իր միջուկային ծրագրին գծով։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ