
Ապրիլ 1ի երեկոյեան, Միանմայի զինուորականները կրակ բացած են չինական Կարմիր խաչ ընկերութեան ինքնաշարժերուն վրայ, որ օգնութիւն կը տեղափոխէր երկրաշարժէն աղէտեալներուն համար, կը հաղորդէ BBC-ն։
Զինուած ապստամբներու «Թաանգի ազգային ազատագրական բանակ» խմբաւորումը յայտնած է որ արեւելեան Շանի նահանգի զինուորականները գնդացիրներով կրակ բացած ինը ինքնաշարժերու վրայ, որոնք կ՛ուղուէին դէպի Մանտալա քաղաք, որ ծանր կերպով վնասուած է Մարտ 28ին տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ապրիլ 2ին յայտարարեր է որ իր փրկարարական խումբը ապահով է եւ յոյս յայտնած՝ որ «Միանմայի բոլոր խմբակցութիւններն ու կուսակցութիւնները առաջնահերթութիւն կու տան երկրաշարժէն վնասուածներուն օգնելու ջանքերուն»:







Մեկնաբանէ