Գերմանիոյ նախագահ Շթայնմայըր Մարտ 31ին այցելեր է Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը, ուր հանդէս եկած է ելոյթով։

Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ կազմակերպուած մշակութային ընդունելութեան ժամանակ Շթայնմայըր ընդգծեր է Գերմանիոյ եւ Հայաստանի սերտ կապերը։

Գերմանիոյ նախագահը իր ելոյթը սկսած է բանաստեղծութեամբ, ապա՝ նշած․ «Եթէ Դաշնային նախագահը Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ կանգնած գարնանային բանաստեղծութիւն կը կարդայ, այդ երկու բան կը նշանակէ․ գարունը իսկապէս եկած է եւ ենթադրաբար, մենք Կոմիտասի թանգարանին մէջ ենք, ուր գերմանական քնարերգութիւնը, ինչպէս քիչ առաջ տեսանք, իր հաստատուն տեղը ունի»։ 

Շտայնմայերը նկատել է, որ ելույթի սկզբում իր արտասանած բանաստեղծությունը, որը պատկանում է Թեոդոր Շտորմի գրչին, կոչվում է «Ապրիլ»։  

«Կոմիտասը կը համարուի հայ երաժշտութեան հայրը ։ Ոչ ոք անոր նման, որ հոգևորական էր, չէ մարմնաւորած այս բիբլիական երկիրը, որ կը գտնուի Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ, երկիր, որ կը կրէ հազարամեայ արեւելեան, միաժամանակ նաեւ քրիստոնէական մշակոյթի կնիքը եւ որուն պատմութիւնը լեցուն է տառապանքով, հալածանքով եւ աքսորով»։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ