
Լեհաստան Միացեալ Նահանգներէն Patriot հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու սարքաւորումներու հետ կապուած 2 միլիառ տոլարի պայմանագիր ստորագրած է, յայտներ է պաշտպանութեան նախարար Վլատիսլաւ Քոսնիաք Գամիշի։
«Այսօր ասիկա մեծ ներդրում է Լեհաստանի անվտանգութեան համար: Մօտաւորապէս երկու միլիառ տոլար արժողութեամբ: Այս պայմանագիրի կարեւորը այն է որ թոյլ կու տայ մարզումներ կատարել օդային յարձակումները ետ մղելու համար», – նշեր է ան:







Մեկնաբանէ