
Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանկ-Վալթէր Շթայնմայեր Եւրոպական Միութեանն անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին Հայաստանի խորհրդարանի կողմէ ընդունուած որոշումը համարձակ քայլ կը համարէ։ Այս մասին Գերմանիոյ նախագահը յայտարարեր է Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Անդրադառնալով այդ հարցով Գերմանիոյ աջակցութեան՝ ան նշած է որ Հայաստանն ու ԵՄ-ը բանակցութիւններ կը վարեն օրակարգային նոր փաստաթուղթի ստորագրման շուրջ։ Ան աւելցուց որ այդ յարաբերութիւններու զարգացումը կ՛օգնէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման։







Մեկնաբանէ