
ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփը Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի դիմաց Ռուսիոյ դէմ որոշ պատժամիջոցներու հնարաւոր վերացման հարցով որոշում պիտի կայացնէ իր վարչակազմի անդամներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, յայտարարեր է ԱՄՆի պետքարտուղար Մարքօ Ռուպիօն։
Անոր խօսքով, ամերիկեան կողմը ներկայիս կը վերլուծէ բանակցութիւններու արդիւնքները։ Ան նշած է որ պատշաճ գնահատումներէ ետք քանի մը տարբերակներ պիտի զեկուցուին նախագահ Թրամփին, համապատասխան որոշում կայացնելու համար։







Մեկնաբանէ