
Այսօր անցեալի իրադարձութիւնները յիշեցնող, ծանր պայմաններու տակ ձեւակերպուած խաղաղութեան պայմանագիրը, բողոքի ալիքներ կը բարձրացնէ հայութեան շարքերէն ներս: Արդարացի պոռթկումներ են որ կը ժայթքին, որով դժուար է հաշտուիլ այն իրղութեան հետ, երբ խաղաղութեան դիմաց մեր ազգի խորհրդանիշն է դրուած, մեր պատմութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնը:
Միթէ կարելի է՞ պատմութեան էջերէն ջնջել ժողովուրդի մը դարերու պատմութիւնը, կամ հայ հոգիներէն խլելազգի մը ինքնութիւնը եւ արդար իրաւունքները:
Իհարկէ Ո՜չ:
Ազգ մը, որ տաժանելի կեանքի մէջ կոփուած, իր ինքնութեանբեռը շալակած, դարեր շարունակ անկախ Հայաստանի երազանքով գոյապայքար մղեց, պահպանելու իր ազգային դիմագիծը եւ ազատութեան ձգտումը: Այսօր մարդիկ անցնող տարիներուն բռնակալներուն գործադրած ոտնձգութիւնները վերյիշելով, բնական է որ հարցին պիտի մօտենան յոռետեսութեամբ ու թերահաւատութեամբ: Բայց թէ ինչ նպատակառումով կարելի է արդարացնել այդ զիջումները, երբ հարկաւոր է երկրի գոյուոթան սպառնալիքը վերացյել, միջազգային գետնի վրայ ամրապնդելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, որպէս պետութիւն եւ պետականութիւն:
Եկէք պահ մը փորձենք մտաբերել անցեալի պատմական իրողութիւնները: Երբ 1918-ի Յունիս 4-ին մեր ազգի ղեկավարները Պաթումի մէջ թուրքերուն հետ կը կնքէին հաշտութեան եւ խաղաղութեան Դաշնագիրը: Այդ ուղղութեամբ պէտք է պատասխանենք հետեւեալ հարցադրումներուն:
1_ Միթէ՞ այդ ղեկավարները այդքան շուտ մոռցան 1915-ին գործադրուած Հայոց Եղեռնը: Երբ տակաւին Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ կը մխար թանձր ծուխը հայ ժողովուրդի անթաղ մեռելներուն: Յիշենք՝ թէ որքան ծանր էին առաջադրուած պայմանները, երբ հայերը ինքնակամ կը յանձնուէին հայ ժողովուրդի դահիճներուն, եւ կ՜ենթարկուէին բռնակալներու քմահաճոյքին, ընդունելով պայմանագրի ցաւոտ զիջումները:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այդ Դաշնագրին մէջ, անոնք ուզեցին տեսնել Հայկական Պետականութեան վերականգնումը: Այդ Դաշնագիրով Անկախ Հայաստանի գոյութիւնը գէթ մասամբ պիտի դառնար շօշափելի իրողութիւն:
Այո՜, դժուար էր հաւատալ, թէ նոյնինքն Թուրքիան որքանով պիտի յարգէր առաջադրուած խաղաղութեան իր խոստումները:
2_ Այս առնչութեամբ նոյնպէս կարելի է հարց տալ: Ինչո՞ւ Հայաստանի Առաջին, Երկրորդ եւ Երրորդ Հանրապետութիւնները օրակարգի առաջին գիծի վրայ չդրին Հայոց Եղեռնի եւ մեր պահանջատիրութեան իրաւունքները: Որովհետեւ՝ քաղաքականութեան մէջ կան ընդունուած օրէնքներ, ընդհանրապէս իշխող պետութիւնները որպէս քաղաքականութեան կանոն. օրակարգի առաջին գիծի վրայ չեն դներ զուտ ազգային խնդիրները, նոյն սրութեամբ ինչպէս ընդդիմադիր ոյժերը:
3_ Ինչո՞ւ դարաշրջան մը ամբողջ անդադար մեր արդար իրաւունքները յանկերգելով, խիզախ ու յանդուգն կոչեր արձակելով, չկրցանք մեր ազգային նպատակները իրականացնել: Որովհետեւ պատմութեան փորձը ցոյց տուած է, որ միջազգային յարաբերութիւններու տիրող իրավիճակին չյարմարելու պարագային, մեր պահանջները թելադրելու փորձերը միշտ կրնան ձախողիլ: Կը նշանակէ՝ հարկաւոր է նկատի առնել աշխարհի քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը: Միջազգային իրադրութեան յարմարելու քաղաքականութիւն վարել: Յատկապէս՝ նկատի առնելով նպատակներու աստիճանաւորումը: Այսինքն՝ մեր անմիջական ուցառաջբահերթ նպատակը, եւ երկրորդական նպատակներն ու ծրագիրները: Ոչ թէ մէկը միւսէն նուազ կարեւորութիւն ունենալու տեսակէտէն: Այլ այն առումով՝ թէ այդ պահուն որքանով ձեռնտու է, եւ կարելի է իրականացնել տուեալ նպատակը:
4___ Եւ որովհետեւ՝ մենք քաղաքականութիւնը կ՜ըմբռնենք մեր հասկացողութեամբ եւ կ՜ուզենք ձեւաւորել մեր ուզածին պէս: Այլ խօսքով, մենք քաղաքականութիւնը կը դիտենք միայն մեր ակնոցով: Եթէ փորձենք հարցը ընկալել ոչ միայն սիրողական զգացումներով: Այլ մեր ազգային խնդիրներուն մօտենալ նաեւ քաղաքական տեսանկիւնէն: Ապա՝ պիտի կարենանք հարցին էութիւնը ըմբռնել պետական մտածողութեամբ եւ իրատեսական մօտեցում ցուցաբերել: Այն ատեն պիտի հասկնանք, որ այսօր քաղաքական բեմահարթակին վրայ դէպքերուն յառաջխաղացքը, միջազգային իրադարձութիւններէն թելադրուած, կը միտի իրականացնել խաղաղութեան գործընթացը, եւ կը պահանջէ. հետեւիլ միջազգային քաղաքականութեան մէջ ընդունուած օրէնքներուն:Իսկ այդ չի նշանակեր Հայոց Եղեռնի ուրացում կամ ժխտում, ոչ ալ մոռացութեան տալ այդ պատմական իրողութիւնը:
5__Եւ վերջապէս, եթէ քաղաքական նրբերանգները նկատի ունենանք, փորձենք պետական մտածողութեամբ մօտենալ խաղաղութեան պայմանագրին, մեկնելով երկրին պետական շահերէն: Ապա պիտի տեսնենք, թէ որքան անհրաժեշտ է իրականացնել խաղաղութեան պայմանագիրը, որպէսզի ծանրանայ Հայաստանի քաղաքական կշիռը: Ի վերջոյ ինչ է այսօր հայութեան առաջնահերթ գերխնդիրը, եթէ ոչ՝ Հայոց պետութեան եւ պետականութեան ամրապնդումը. որ կը պահանջէ գործել պետական մտածողութեամբ, եւ հաւաքական միակամ կեցուածքով: Որովհետեւ՝ խաղաղութեան պայմաններու մէջ միայն կարելի է կերտել ոյժեղ պետութիւն, բարեկեցիկ ու բարգաւաճ Հայաստան:
Միաբանի՜նք յանուն Հայաստանի պայծառ գալիքին…
Նուարդ Մատոյեան Տարաքճեան







Մեկնաբանէ