
Լիբանան եւ Սուրիա համաձայնագիր ստորագրած են սահմանազատման եւ համագործակցութեան շուրջ եւ սահմանամերձ շրջաններու ապահովութեան պահպանման համար, կը հաղորդէ The Associated Press- (AP):
Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասա եւ անոր սուրիացի պաշտօնակից Մուրհաֆ Ապու Քասրա համաձայնագիրը ստորագրած են Մարտ 27ի երեկոյեան Ճետտայի մէջ ընթացող բանակցութիւններէն ետք։
Պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումին ներկայ գտնուած Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանության նախարար Խալիտ իպն Սալման իպն Ապտըլ Ազիզ Ալ Սաուտ։







Մեկնաբանէ