Թատրոնի միջազգային օրը՝ Մարտ 27ին, Կապանի Ալեքսանտր Շիրվանզատէի անուան թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտաւազդ» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը։

Մեծ «Արտաւազդ»-ը մրցանակը տրուեցաւ Տիգրան Աթայեանին Կապանի Ալ․ Շիրվանզատէի անուան թատրոնին ստեղծագործական նոր շունչ հաղորդելու եւ Կապանի կամերային ներկայացումներու փաատօնը հիմնադրելու համար։

Լաւագոյն ներկայացում մրցանակին արժանացաւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի ներկայացուցած «Լակոտը։

Կապանի թատրոնի տնօրէն Տիգրան Աթայեան յայտնեց որ իրենց թատրոնը կարեւոր օղակ է քաղաքին մէջ։ Անոնք կը փորձեն արուեստի միջոցով հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռել Կապանի վրայ

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ