Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Նարեկ Յովակիմեան յայտարարեր է որ հայաստանեան դեղագործական ընկերութիւնները հետաքրքրուած են դեղագործական արտադրանքի Թուրքմէնիստան արտահանման ծաւալները աւելցնելու հեռանկարով։

Անոր խօսքով՝ հայ-թուրքմէնական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստերը կարեւոր հարթակ են, ուր հնարաւորութիւն  կը ստեղծուի քննարկել առկայ խնդիրները եւ ուրուագծել համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւնները եւ ոլորտները։  

Նախարարի տեղակալի խօսքով՝ փոփոխուող աշխարհաքաղաքական իրավիճակը նոր փորձութիւններ եւ մարտահրաւէրներ կը բերէ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ այդ առումով Հայաստանը եւ Թուրքմէնիստանը սերտօրէն պէտք է համագործակցին։

Ան դիտել տուած է թէ Հայաստանի եւ Թուրքմէնիստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ներուժը շատ աւելի մեծ է, քան այն ինչ ներկայիս գոյութիւն ունի, ուստի կողմերը համատեղ ջանքերու միջոցով կրնան խորացնել տնտեսական կապերը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ