
Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալութեան պատճառով Թուրքիոյ մէջ բողոքի ցոյցերը սկսելէն ի վեր, չորս օրուայ ընթացքին ձերբակալուած է աւելի քան 1100 ցուցարար, իսկ բախումներու ընթացքին վիրաւորուած է 123 ոստիկան։ Այս մասին X- պլոկի մէջ կատարուած գրառումով յայտներ է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան:
Ան յայտնած է նաեւ որ ձերբակալուածները մաս կը կազմեն 12 տարբեր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու։
Նշենք որ Մարտ 19էն ի վեր ցոյցեր տեղի կ՛ունենան մասնաւորաբար Պոլսոյ մէջ, քաղաքապետին ձերբակալութենէն ետք։







Մեկնաբանէ