Բանաստեղծութեան միջազգային օրը՝ Մարտի 21ին, Հայաստանի գրողներու միութեան յարկին տակ նշուեցաւ Աւետիք Իսահակեանի 150ամեակը։

Բանաստեղծներ, արձակագիրներ, դերասաններ, ասմունքողներ ընթերցեցին անոր ստեղծագործութիւնները, յիշելով քնարերգուի հետ կապուած յուշերը։

Բանաստեղծութեան միջազգային օրը ամէնամեայ տօն է, որ կը նշուի Մարտ 21ին: Այս տօնը 1999ի Նոյեմբեր 15ին հռչակած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն։ Հայաստանի մէջ այս տօնը սկսած է նշուիլ 2010էն ի վեր։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ