
Սառցադաշտերու ընդհանուր զանգուածը 2022-2024 թուականներուն կրճատուել է մեծ չափով, կը յայտնեն Օդերեւութաբանութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Սառցադաշտերու ուսումնասիրութեան համաշխարհային ծառայութեան ՄԱԿ-ի մասնագիտացած հիմնարկութիւններու հրապարակած զեկոյցները։
ՄԱԿ-ի տուեալներով, Երկրի վրայ կան աւելի քան 275 հազար սառցադաշտ, որոնք ունին մօտաւորապէս 700 հազար քառակուսի քմ տարածութիւն եւ կը պարունակեն աշխարհի խմելու ջուրի պաշարներուն մօտաւորապէս 70%-ը: Սառցադաշտերի հալման արագացումը միլիոնաւոր մարդկանց կրնայ զրկել խմելու ջուրէ եւ կը հանգեցնէ տարերային աղէտներու։
2025ին ՄԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ Մարտ 21ին առաջին անգամ պիտի նշուի Սառցադաշտերու համաշխարհային օրը, որպէսզի կարելի ըլլայ ուշադրութիւն հրաւիրել սառցադաշտերու հալման եւ անոնց արագ հալեցումը ինչպէս կրնայ ազդել տնտեսութեան, բնութեան եւ հասարակութեան վրայ:







Մեկնաբանէ