Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն Տէր Լայէն մտահոգութիւն յայտնած է ընդդիմադիր թուրք քաղաքական գործիչ եւ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի ձերբակալութեան գծով։

«Քաղաքապետի ձերբակալութիւնը խորապէս մտահոգիչ է: Թուրքիա պէտք է յարգէ ժողովրդավարական արժէքները, յատկապէս՝ ընտրուած պաշտօնեաներու իրաւունքները», -յայտներ է անա, աւելցնելով որ Թուրքիա պէտք է հաւատարիմ մնայ ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն սկզբունքներուն։

Պոլսոյ քաղաքապետ եւ ընդդիմադիր գոծիչ Իմամօղլու ձերբակալուած էր փտածութեան, կաշառակերութեան եւ կաշառակերութեան ցանցի հետ կապ ունենալու մեղադրանքով։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ