
Երէկ գիշեր սկսած Սուրիա-Լիբանան սահմանային բախումները կը շարունակուին։ Ըստ սուրիական աղբիւրներու, սուրիական բանակը ունի ութը սպանուած։
Փոխադարձ ռմբակոծումներու համար, սուրիական կողմը կը մեղադրէ Հըզպալլահը։ Վերջինս հերքած է թէ մասնակից է բախումներուն։
Միւս կողմէ լիբանանեան բանակը հաստատեր է թէ մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ, սահմանի երկայնքով ապահովութիւնը պահպանելու համար:







Մեկնաբանէ