
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարեց որ Մոսկուան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւնների աւարտը։
Ան նաեւ նշեց որ Մոսկուա պատրաստ է հարթակ տրամադրել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու շփումներուն համար, որ կը նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան։
Յիշեցնենք որ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ նոյնպէս ողջունած էին հայ-ատրպէճանական բանակցութիւններու աւարտը եւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ համաձայնութիւնը։







Մեկնաբանէ