Պելճիքայի «Նարեկ» հայկական կրթամշակութային միութեան եւ Վենետիկի Քա’Ֆոսկարի համալսարանի հետ համագործակցութեամբ առաջին անգամ իրականացուած է հայագիտական կրթական ծրագիր՝ «Հայկական հետքը Վենետիկի մէջ» խորագիրով:

Այս ծիրէն ներս Պելճիքայի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն ընձեռուեր է առիթ ծանօթանալու եւ ուսումնասիրելու Վենետիկի հայկական հարուստ ժառանգութիւնը։ Աշակերտները այցելեր են Սուրբ Ղազար կղզի՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ինչպէս նաեւ Վենետիկի Քա’Ֆոսկարի համալսարան: 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ