Լեհ-ուքրանական սահմանին մօտ գտնուող Եասիոնքա օդանաւակայանի մատակարարման հանգոյցի՝ POLLOGHUB-ի միջոցով վերսկսեր են ամերիկեան ռազմական օգնութիւն հասցնել Քիեւին, յայտներ է Լեհաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Փաւէլ Զալեւսքին X-ի էջին վրայ։

Իր հերթին Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքի Վարշաւայի մէջ ուքրանացի գործընկեր Անտրէյ Սիպիհայի հետ հանդիպումէն ետք հաստատեր է Քիեւին ամերիկեան զէնքի մատակարարումներու ամբողջական վերսկսումը։

Մարտի 11-ին Ճետտայի մէջ ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները բանակցութիւններ վարած են, որու ընթացքին ուքրանական կողմը համամիտ եղած է 30 օրուայ զինադադարի ամերիկեան առաջարկին։ Իսկ ամերիկեան կողմը յայտարարեր է ռազմական օգնութեան մատակարարումը եւ հետախուզական տեղեկատուութեան փոխանակումը վերսկսելու մասին։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ