
Նիւ Տելհիի մէջ, Մարտ 10ին տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց Արարատ Միրզոյեանի եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանեամ Ճայշանկարի հանդիպումը, որուն յաջորդած է նախարարներուն ղեկավարած պատուիրակութիւններուն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։
Այս հանդիպումներէն ետք ստորագրուած են հետեւեալ փաստաթուղթերը.
– «ՀՀ ԱԳՆ դիւանագիտական դպրոցի եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան Սուշմա Սուարաջ արտաքին ծառայութեան հիմնարկներու միջեւ» փոխըմբռնման հուշագիր,
– «Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ակադեմիկոս Էմիլ Գաբրիէլեանի անուան դեղերու եւ բժշկական տեխնոլոգիաների փորձագիտական կեդրոնի եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան եւ ընտանեկան բարեկեցութեան նախարարութեան դեղերու չափանիշերու վերահսկման կեդրոնական կազմակերպութեան միջեւ դեղերու կարգաւորման ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին» փոխըմբռնման յուշագիր։







Մեկնաբանէ