
Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմէտ ալ-Շարաահ յայտարարեր է որ երկրի ծովափնեայ շրջանի բախումները անսպասելի չէին:
Ան կոչ ուղղած է պահպանել քաղաքացիական խաղաղութիւնը եւ ազգային միասնութիւնը։ Ինչպէս նաեւ ան յայտարարած է «Հըզպալլահ» եւ արտաքին այլ կողմերը նոյնպէս ներգրաւուած են բախումներուն մէջ։
Մարդու իրաւունքներու սուրիական կեդրոնը յայտնած է որ Հինգշաբթի օրուընէ ի վեր աւելի քան 700 ալաուի խաղաղ բնակիչ սպանուած է, իսկ բախումներու հետեւանքով զոհերու ընդհանուր թիւը հասեր է 1018-ի:
Նշենք որ ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն զոհերուն թիւը անցած է 10 000ը։







Մեկնաբանէ