Սպանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ճոն Ինեարիտուի կարծիքով՝ Ատրպէյճանի կողմէ քարոզչական դաշտ նետուած այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ատրպէյճան» թէզը պատմությունը վերաշարադրելու, Արցախի հայութեան նկատմամբ իրագործած էթնիկ զտումները արդարացնելու եւ Հայաստանէն նոր տարածքներ գրաւելու նպատակ կը հետապնդէ։  

Անոր բնորոշմամբ, Ատրպէյճանը նման յայտարարութիւններով նպատակ ունի դիւանագիտական եւ քաղաքական ճնշում գործադրել Եւրամիութեան վրայ։

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանէն հնչող դժգոհութիւններուն եւ առաքելութեան գործունէութեան դէմ քարոզչութիւն իրականացնելու Պաքուի նպատակներուն, երեսփոխան պատգամավորը Ինեարիտու կարեւոր նկատած է որ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան լիազօրութիւնը յստակօրէն ուրուագծուած է նոյնիքն ԵՄ-ի կողմէ։  

Անոր դիտարկումով, ԵՄ դիտորդական առաքելութեան դէմ Ատրպէյճանի բողոքները կրնան ի յայտ գալ նաեւ երրորդ երկիրներու՝ մասնաւորաբար Թուրքիոյ կամ Ռուսիոյ ճնշումներուն հետեւանքով:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ