
Ռուսիա պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկել Ուքրանիոյ մէջ ժամանակաւոր զինադուլ հաստատելու կարելիութիւնը, սակայն մինչ պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումը պէտք է յստականան վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրի սկզբունքները, կը յայտնէ Bloomberg, յղում ընելով Մոսկուայի իրազեկ աղբիւրներու։
Քրեմլինը կը քննարկէ հնարաւոր խաղաղապահ առաքելութեան մանրամասնութեան նախնական որոշման հարցը։ Մոսկուա, մասնաւորաբար, կը պնդէ որ նախապէս համաձայնեցուի այն երկիրներու ցանկը, որոնք խաղաղապահներ պիտի ղրկեն Ուքրանիա։







Մեկնաբանէ