Քանատան 25 առ հարիւր մաքսատուրքեր պիտի դնէ մօտաւորապէս 107 միլիար տոլար արժողութեամբ ամերիկեան ապրանքներուն վրայ, որոնք կը ներածուին Քանատա, ի պատասխան ԱՄՆ-ի քայլերուն, –  յայտներ է Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն։

Ան ըսաւ թէ 25 առ հարիւր մաքսատուրքերը անմիջապէս ի զօրու կը դառնան 30 միլիար տոլար արժողութեամբ ապրանքներու վրայ, իսկ մնացած մաքսատուրքերը ուժի մէջ կը մտնեն 21 օր ետք:

Նախօրէին ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփը յայտարարեր էր որ երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ Մեքսիքայէն եւ Քանատայէն ներածուող ապրանքներուն համար սահմանուած են 25 առ հարիւր մաքսատուրք։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ