
Մարտ 10էն Ապրիլի 10 Մատենադարանին մէջ պիտի ցուցադրուի Հրաշագործ Մատեան Շուրիշկանի Աւետարանը։
Ըստ աւանդութեան, Շուրիշկանի Աւետարանը, որ յայտնի է նաեւ «Պապ», «Կարմիր», «Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի» անուններով, գրուած է 1498ին Վանի Քաջբերունի գաւառի Ասպիսնակ գիւղի մէջ։ Պատուիրատուն եղած է Թուրուանդ իշխանը իսկ հեղինակը՝ Բարսեղ քահանան։
1603-1604 թուականներուն բռնագաղթի ժամանակ Աւետարանը տեղափոխուածէ Պարսկաստանի Փերիա գաւառի Շուրիշկան գյուղ՝ Սբ․ Բարսեղ Կեսարացի վանք:
Երեք ու կէս դար ետք1973ին, Շուրիշկանի Աւետարանը կը հանգրուանի Երեւանի Մատենադարանը, հայրենադարձ Ներսէս եւ Մատթէոս Ծառուկեաններու ընծայաբերումով։







Մեկնաբանէ