
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան այցելեր է Արարատի մարզին մէջ շինուող նաւթամթերքի վերամշակման գործարանը։
Նախագիծը իրականացնելու համար պիտի ներդրուի շուրջ 20 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Գործարանը հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանի մէջ իրականացնել նաւթամթերքի շարք մը տեսակներու վերջնական տեղական արտադրութիւն՝ ապահովելով աւելի քան 100 աշխատատեղ։
«Սիլ Քափիթալ» ընկերութեան հիմնադիր եւ խորհուրդի նախագահ Էտուարտ Սուքիասյանի ընկերակցութեամբ նախարարը շրջեր է գործարանի տարբեր բաժանմունքներ եւ ծանօթացեր ընթացիկ եւ նախատեսուող աշխատանքներուն։







Մեկնաբանէ