Երեւանի Ադոնցի 4 հասցէին վրայ տեղի ունեցաւ Microchip ընկերութեան նոր գրասենեակի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի բարձր տեխնոլոգիաներու արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ առաջատար տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւններու միութեան գործադիր տնօրէն Սարգիս Կարապետեան։

Microchip Technology ընկերութեան ղեկավարները այցելած են Հայաստան /մարտի 1-4-ը/՝ նշանաւորելով ներդրումային նոր փուլի մեկնարկը եւ նոր գրասենեակի բացումը։

Մխիթար Հայրապետեանը իր խօսքին մէջ նշեց որ Microchip-ի նման ընկերութիւններու կողմէ Հայաստանի մէջ գրասենեակներ բանալու իրողութիւնը կը վկայէ որ Հայաստանը ոչ միայն տարածաշրջանային, այլեւ համաշխարհային հաբ դարձնելու բոլոր քաղաքականութիւնները սկսած են տալ իրենց արդիւնքները։   

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ