Աբխազիոյ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը տեղի ունեցած է երէկ։ Առաջին տուեալներով քուէարկութեան մասնակցած է քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներու 43 առ հարիւրը։

 Աբխազիոյ նախագահի պաշտօնին կը յաւակնին առաջին փուլին առաւելագոյն ձայներ ստացած փոխ նախագահ Պատրա Կունպան եւ ուժանիւթի նախկին նախարար, ընդդիմադիր «Աբխազական ժողովրդական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ Ատկուր Արձինպան։ 

Աբխազիոյ մէջ ընտրութիւնները կը համարուին կայացած, եթէ այդ ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրացուցակներուն մէջ ներառուած քաղաքացիներուն առնուազն 25 առ հարիւրը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ