
Մարտիրոս Սարեանի ծննդեան 145-ամեակին առիթով Փետրուար 28ին անոր տուն-թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Սարեանի ջրաներկի արուեստը» ցուցահանդէսը, որ այցելուներուն հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտել նկարիչին ջրաներկ գործերու նուրբ ու երազկոտ պատկերաւոր լեզուն։
Սարեանի թոռնուհին՝ Ռուզան Սարեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ թէ պահոցներէն հանած են Սարեանի ջրաներկով կատարուած աշխատանքներու լաւագոյն նմուշները։
Սարեանի ստեղծագործութիւններով հարուստ ցուցահանդէսը, այցելուներուն համար բաց է Մարտ 1էն սկսեալ:







Մեկնաբանէ