
Քիւրտիստանի աշխատավորական կուսակցության (PKK)՝ բանտարկուած առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալանը կոչ ըրած է իր զինեալ կազմակերպութեան վար դնել զէնքերը, Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան հասնելու համար:
Իր կալանավայրէն կատարած իր ուղերձին մէջ Օճալան ըսած է թէ կուսակցութիւնը պէտք է որոշէ լուծարուիլ։
«Գումարեցէք համաժողով որոշեցէք զէնքերը վար դնել, իսկ PKK-ն պէտք է լուծարուի», – կ՛ըսուի անոր յայտարարութեան մէջ, որ ընթերցեր են քրտամէտ կուսակցութեան քաղաքական գործիչները, որոնք օրուայ սկզբին այցելած էին Օճալանին:
Յիշեցնենք որ 75 տարեկան Օճալան բանտարկուած է 1999էն ի վեր։
Published by Armenpress, original at https://armenpress.am/hy/article/1213150







Մեկնաբանէ