
Ամերիկացի աշխարհահռչակ դերասան 95 տարեկան Ճին Հէքմընին, անոր կնոջ՝ 64 տարեկան դաշնակահարուհի Պէթսի Արաքաւային եւ անոնց շանը մահացած գտած են Նիւ Մեքսիքօ նահանգի Սանթա Ֆէ քաղաքի իրենց տան մէջ, յայտներ է BBC-ն։
Նիւ Մեքսիքօ նահանգի Սանթա Ֆէ շրջանի ոստիկանապետը հաստատեր է դերասանին մահանալու լուրը։ Այժմ հետաքննութիւն կը կատարուի թէ մահերը սպանութեա՞ն հետեւանքով են թէ ոչ։
Զոյգը ամուսնացած է 1991ին։
Աւելի քան վեց տասնամեակ տեւած դերասանական իր ասպարէզւ ընթացքին Հէքմըն արժանացած է «Օսքարի» երկու մրցանակի։







Մեկնաբանէ