
Վերջերս մեծ արձագանք գտած չինական ստարտափը, որ ներկայացուցաշ էր մատչելի, բայց արդիւնաւէտ ԱԲ նմուշ,կը նախատեսէ զարգացնել իր յաջողութիւնը։ DeepSeek ընկերութիւնը արագացուցած է իր նոր R2 նմուշի գործարկումը։
«DeepSeek-ի R2 նմուշի գործարկումը կրնայ շրջադարձային ըլլալ ԱԲ արդիւնաբերութեան համար։
Վերլուծաբաններու կարծիքով՝ R2-ը կրնայ մտահոգութիւն պատճառել ԱՄՆի կառավարութեան, որ ԱԲ-ի ոլորտի առաջնորդութիւնը կը նկատէ որպէս ազգային առաջնահերթութիւն։
«Եթէ DeepSeek-ը դառնայ Չինաստանի պետական կառոյցներէն ներս լայնօրէն կիրառուող ԱԲ նմոշլ, ապա արեւմտեան կարգաւորիչները կրնան այդ մէկը համարել եւս մէկ պատճառ՝ խստացնելու ԱԲ չիփերու կամ ծրագրային ապահովման ոլորտէն ներս համագործակցութեան սահմանափակումները»,– կը յայտնէ արհեստական բանականութեան փորձագէտ Սթիւըն Վուն։







Մեկնաբանէ