Սուրիոյ հարաւային նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցեր Իսրայէլի ղեկավարութեան յայտարարութիւններուն դէմ։

Սուէյտա նահանգի աղբիւրները կը յայտնեն թէ բնակչութիւնը հաւաքուեր է քաղաքի կեդրոնի հրապարակը Նաթանիահուի յայտարարութիւնները դատապարտող պաստառներով։ Իսրայէլի վարչապետը Սուրիոյ նոր կառավարությանը նախազգուշացուցած էր չմիջամտել Սուէյտայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող տիւրզի համայնքի անվտանգութեանը:

Փետրուար 23ին Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահու նախազգուշացուցած էր Սուրիոյ կառավարութեանը, պահանջելով բանակային կեդրոններու տեղակայումը Դամասկոսէն հարաւ։ Այս յայտարութեան յաջորդած են բողոքի ցոյցեր Տարաա եւ Քունէյթրա նահանգներուն մէջ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ