Հռոմի Ֆրանչիսքոս պապը, որ կը գտնուի հիւանդանոց թոքաբորբի պատճառով, սկսած է ապաքինիլ եւ վերսկսած է որոշ աշխատանքներ կատարել։ Ան հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է Կազայի քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, յայտնելու իր աջակցութիւնը։ կը յայտնէ Vatican News։ 

88-ամեայ քահանայապետը հիւանդանոց տեղափոխուած էր Փետրուար 14ին։ Բժիշկները զգուշաւոր են նկատի ունենալով անոր տարիքը եւ բժշկական պատմութիւնը: 

Փետրուար 24ի երեկոյեան հարիւրաւորներ՝ կարտինալներ, եպիսկոպոսներ եւ քաղաքացիներ, հաւաքուած են Սուրբ Պետրոսի հրապարակը աղօթելու Հռոմի Ֆրանչիսքոս պապի ապաքինման համար:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ